Օրերս Զուիցերիոյ մէջ իր մահկանացբւն կնքած է Հայկական Ժողովրդային շարժումի երկար տարիներու անդամ եւ նորագոյն ազատագրական պայքարի նուիրեալ՝ Վահան Վերվերեան։
Վաղահաս այս կորուստին մասին՝ «Արեւելք» իմացաւ Հայկական Ժողովրդային շարժում դիմատետրեան էջին վրայ շարժման Կեդրոնական խորհուրդի հրապարակած գոյժէն։
Գրառման մէջ մասնաւորապէս նշուած էր՝
Գոյժ՝ Վահան Վերվերեանի մահուան
Խոր վշտով կը գուժենք Հայկական Ժողովրդային շարժումի երկար տարիներու անդամ եւ նորագոյն ազատագրական պայքարի նուիրեալ ընկեր՝ Վահան Վերվերեանի ցաւալի մահը, որ տեղի ունեցաւ երկուշաբթի մայիս 26-ին, իր աշխատավայրին մէջ, Ժընեւ, Զուիցերիա:
Այս առիթով կը ցաւակցինք անոր ընտանիքին, հարազատներուն եւ աշխարհասփիւռ ընկերներուն:
Վահան Վերվերեանը պարտաճանաչ եւ պայքարի սկզբունքներուն հաւատարիմ ընկեր էր, որուն վիճակուած էր վաղաժամ հեռանալ կեանքէն ու միանալ հայուն եւ Հայաստանին նուիրուած իր ընկերներու փաղանգին։
Յարգանք անոր յիշատակին։