image

Եղբայրական կապերու վերահաստատում՝ Շարժայի մէջ

Եղբայրական կապերու վերահաստատում՝ Շարժայի մէջ

Եթովպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը այցելեց Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանին

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը 

Քրիստոնէական եղբայրասիրութեան եւ փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտի մէջ, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին հիւրընկալեց Եթովպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը, որ այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանին։ Այցելութիւնը եկեղեցական երկու համայնքներուն միջեւ տարիներու ընթացքին կազմաւորուած սերտ յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան եւս մէկ վկայութիւնն էր՝ շեշտելով միասնականութեան, զօրակցութեան եւ հոգեւոր ծառայութեան կարեւորութիւնը բազմամշակութային միջավայրի մէջ։

 Ստորեւ այդ մասին տարածուած հաղորդագրութիւնը՝

Ուրբաթ 8 Մայիս 2026-ին առաւօտեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան, Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ գրասենեակէն ներս, ներկայութեամբ Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութեանց Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Արամ Աւագ Քհնյ. Տէյիրմէնճեանին, ընդունեց Եթովպիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ շրջանի Առաջնորդ՝ Տիմիդրօս Եպիսկոպոսին:

Այցելութեան նպատակն էր Սրբազան հօր շնորհաւորել Ս. Յարութեան տօնին առիթով եւ շնորհակալութիւն յայտնել իր մնայուն զօրակցութեան Եթովպիոյ եկեղեցւոյ տեղական մակարդակի վրայ, ինչպէս նաեւ երկար տարիներուն Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին համայնքին տրամադրութեան համար: 

Սրբազան հայրը ողջունեց Եթովպիոյ Առաջնորդ եպիսկոպոսին այցելութիւնը եւ անոր ընկերակցող եկեղեցական եւ աշխարհական պատուիրակութեան ներկայացուցիչները, ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ զոյգ եկեղեցիներու պատմական յարաբերութեան մասին եւ խոստացաւ որ պիտի շարունակէ օգտակար հանդիսանալ Եթովպիոյ եկեղեցւոյ եւ համայնքին հոգեւոր կարիքներուն ծաղկման:

Եթովպիոյ Ուղղափառ եկեղեցւոյ Առաջնորդը իր կարգին ողջունեց հոգեւոր դասուն ու Ազգային Իշխանութեան բարիացական մօտեցումը Եթովպիոյ համայնքին, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած մնայուն օժանդակութեան: