Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ:
Զրոյցի ընթացքին նախարարները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանին մէջ վերջին զարգացումներու շուրջ։ Կողմերը մտահոգութիւն յայտնած են եւ նշած լարուածութեան հետագայ սրման միտուած գործողութիւններէ զերծ մնալու կարեւորութիւնը՝ ընդգծելով կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման անհրաժեշտութիւնը։
Նախարարները գոհունակութեամբ նշած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան կարեւորութիւնը եւ միտքեր փոխանակած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու շուրջ։