image

Զելենսքին տապալած է աշխարհի ամենապարզ գործարքը. Սքոթ Պեսենթ

Զելենսքին տապալած է աշխարհի ամենապարզ գործարքը. Սքոթ Պեսենթ

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին պատրաստ էր պաշարներուն մասին համաձայնագիր ստորագրել Միացեալ Նահանգներուն հետ, բայց ան տապալեց աշխարհի ամենապարզ գործարքը, յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարար Սքոթ Պեսենթ։

«Մենք կը պատրաստուէինք համաձայնագիր ստորագրել ուքրանացիներուն հետ, եւ այդ նախ եւ առաջ պիտի խորացնէր Միացեալ Նահանգներ-Ուքրանիա գործընկերութիւնը, երկրորդ՝ ազդանշան պիտի ուղարկէր Ռուսիոյ ղեկավարութեան, որ Միացեալ Նահանգները չի լքեր Ուքրանիան։ Եւ ամենակարեւորը՝ այդ ցոյց պիտի տար ամերիկացիներուն, որ մենք տնտեսապէս ոգեւորուած ենք, եւ որ պարզապէս չենք տուած հսկայական դրամաշնորհներ, ինչպէս եղաւ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան պարագային»,- նշած է Պեսենթ։

Անոր խօսքով, Քիեւ կատարած այցի օրը՝ 12 փետրուարին, Զելենսքի պատրաստ եղած է համաձայնագիր ստորագրելու։ «Մենք աշխոյժ քննարկում ունեցանք, եւ ես անոր  ըսի, որ այնտեղ 50 լրագրող կայ: Ես այստեղ եմ, որպէսզի ցոյց տամ, որ անջրպետ չկայ ամերիկացի ժողովուրդին, ուքրանացի ժողովուրդին, ամերիկեան ղեկավարութեան եւ ուքրանական ղեկավարութեան միջեւ»,- նշած է Սքոթ Պեսենթ։