Հոկտեմբեր 4-ին Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին զանգահարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին, յայտնած է ԱՊԱ-ն՝ վկայակոչելով Ատրպէյճանի նախագահի գրասենեակը։
Նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին երախտագիտութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի կողմէ Ուքրանիոյ ցուցաբերուող զգալի մարդասիրական օգնութեան, յատկապէս ձմեռային ժամանակահատուածին ուժանիւթի ոլորտին ցուցաբերուող աջակցութեան համար։
Հեռախօսազրոյցի ընթացքին եւս մէկ անգամ արտայայտուած է աջակցութիւն պետութիւններու ինքնիշխանութեանն ու տարածքային ամբողջականութեան, միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան, առկայ սպառնալիքներու եւ հետագայ համագործակցութեան ձեւաչափերու շուրջ։