Արցախի մէջ գերի պահուող եւ Պաքուի դատարանին կողմէ 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած լիբանանահայ Վիգէն Իւլճեքեան իր մօր՝ Պեաթրիս Իւլճեքեանի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին ըսաւ, թէ ինք լաւ չէ՝ խնդրելով բան մը ընել զինք ազատելու համար։ Ըստ «Ազատութեան»՝ մայրը հաստատեց, որ որդիին ձայնը շատ տխուր էր, լալով կը խօսէր կարծէք։ Ան նշեց, թէ Վիգէնի կեանքը վտանգի տակ է։
Վիգէնի կինը` Լինտա Իւլճեքեան յայտնեց, որ ան 95 քիլոկրամէն դարձած է 45, հիւանդ է եւ չ՛ուտեր։ Կարմիր Խաչը տեղեկացուց, որ կարելիութիւն ունին բոլոր գերիներուն ուտելիք ուղարկելու, առ այդ, Լինտան եւ Վիգէնի դուստրը՝ Քրիստինը, ծրարներ կը պատրաստեն, կ՛ընտրեն այնպիսի տուփեր, որոնց վրայ միայն անգլերէն կամ թրքերէն տառերով գրութիւններ ըլլան. արաբերէնը արգիլուած է։
Վիգէնի կինը արաբախօս է, բայց ամուսինին հետ չի կրնար այդ լեզուով խօսիլ. այդ Պաքուի բանտապահներուն պահանջն է: «Վիգէնը ամիսը անգամ մը կը հեռաձայնէ՝ 50 վայրկեանով: Վերջին մեր զրոյցին կ՛ուզէր արաբերէն խօսիլ, բան մը փոխանցել, սակայն արգիլեցին: Այդ ժամանակ գոռոցներ լսեցի… «Արդէն մեռած եմ, դեռ ի՞նչ կ՛ուզէք ընել ինծի», ըսաւ Վիգէնը։
Լինտան լիբանանեան պատկերասփիւռի բոլոր կայաններէն կը խնդրէ ազատ արձակել ամուսինը՝ Լիբանանի ու Հայաստանի իշխանութիւններուն դիմելով, որ միջնորդեն։
Միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցիչի գրասենեակէն տեղեկացուցին, որ Սթրասպուրկի դատարանը մինչեւ Վիգէնի դատապարտումը միջանկեալ միջոց կիրարկած է եւ Ատրպէյճանին հարցում ուղարկած: Այժմ Պաքուի բանտին մէջ առողջութիւնը քայքայող հայ գերիին հարցով եւրոպական դատարան դիմելու ընթացակարգ չկայ: