image

Զելենսքի. «Հակամարտութիւնը դադրեցնելու նոր հնարաւորութիւն առկայ է»

Զելենսքի. «Հակամարտութիւնը դադրեցնելու նոր հնարաւորութիւն առկայ է»

Ուքրանիոյ մէջ հակամարտութիւնն աւարտելու նոր հնարաւորութիւն կայ։ Այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին եւրոպական երկիրներու ազգային անվտանգութեան խորհրդականներու հետ հանդիպման ժամանակ։

«Այժմ մենք նոր հնարաւորութիւն ունինք աւարտելու հակամարտութիւնը։ Եւ մենք շնորհակալ ենք, որ մինակ չենք դիւանագիտական ճանապարհին»,-ըսած է Զելենսքին։

Յիշեցնենք, որ երէկ Եւրոպական երկիրներու եւ ՆԱԹՕ-ի ազգային անվտանգութեան խորհրդականները ժամանած էին Քիեւ։