image

Զապէլ Իսկէնեանի մահը՝ Հալէպի մէջ

  Զապէլ Իսկէնեանի մահը՝ Հալէպի մէջ

Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է յարգուած մայրիկ՝ Զապէլ Իսկէնեանը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

   Զապէլ Իսկէնեանը ծնած է Հալէպ 1931-ին։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի մէջ եւ անոր կրթութեան ճանապարհին ուղենշային եղած է Քրիստոնէական ուսմունքն ու Հայց. Եկեղեցւոյ ծառայելու աներեր ոգին։ 

1960 -ին կ՚ամուսնանայ եւ կը կազմէ հայկական շունչով գոյացած ընտանիք ու կը դառնայ սիրելի մայր 2 զաւակներու։  Հալէպը հարուածած ծանր պատերազմի օրերուն, իր աղօթքներով ու նուիրական ներկայութեամբ թեւ ու թիկունք տուած է սիրելի զաւակներուն, ու անոնց ընտանիքներուն։ 

 Նուիրական մայր եւ հաւատքով ապրող Տիկին Զապէլ յաւերժին կը փակէ աչքերը, այդպիսով ալ շրջելով էջ մը Հալէպի հայկական համայնքի նուիրեալ մայրերու մեծ տոմարէն։

Նշենք, որ հանգուցեալի յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգը տեղի ունեցած են Հալէպի Սուրբ Աստուածաին եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք ան անոր մարմինը ամփոփուած է Հալէպի Ազգային Գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։ 

Հոգիին լոյս կ՚ըսենք, եւ մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի հարազատներուն եւ ի մասնաւոր անոր որդւոյն՝ Սարգիս Իսկէնեանին։