Պաքուի մէջ մարտ 15-ին տեղի ունեցող Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու 9-րդ եռակողմ հանդիպման շրջածիրէն ներս Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Իլեա Տարչիաշվիլին անդրադարձած է նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն:
Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:
Տարչիաշվիլին յոյս յայտնած է, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը շուտով խաղաղութեան պայմանագիր պիտի ստորագրեն:
«Երկու երկիրներն ալ Վրաստանի խոշորագոյն առեւտրային գործընկերներն են։ Քննարկուած է համագործակցութիւնը քաղաքական, տնտեսական, առեւտրային, պաշտպանական, մշակութային, փոխադրութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներու մէջ։ Ի հարկէ, մենք յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնենք տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն եւ մարտահրաւէրները յաղթահարելու մեր համատեղ ջանքերուն»,-ըսած է ան:
Իլեա Տարչիաշվիլին ընդգծած է, որ Վրաստանը վճռականօրէն պիտի աջակցի Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ գոյակցութեան եւ պատրաստ է նպաստելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կառուցողական համագործակցութեան խթանման գործընթացին։
«Մենք յոյսով ենք, որ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը շուտով համաձայնութեան կու գան եւ կը ստորագրեն խաղաղութեան համաձայնագիր, որ շրջադարձային պիտի դառնայ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան համար»,-ըսած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարը: