image

Յունուար-փետրուարին ՀՀ-ի մէջ արդիւնաբերութիւնը աճած է 29%-ով, արտահանումը՝ երկուքուկէս անգամ

Յունուար-փետրուարին ՀՀ-ի մէջ արդիւնաբերութիւնը աճած է 29%-ով, արտահանումը՝ երկուքուկէս անգամ

Հայաստանի մէջ 2024-ի յունուար-փետրուարին նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը կազմած է 13,6%, իսկ միայն փետրուարին նոյն ցուցանիշն աճած է 16,3%-ով:

Համաձայն Վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած տուեալներու՝ յունուար-փետրուարին տնտեսական աշխուժութեան աճին էականօրէն նպաստած են արդիւնաբերութիւնը, որ աճած է շուրջ 29%-ով (փետրուարին` 36,4%), առեւտուրի շրջանառութիւնը` 24,1%-ով (փետրուարին` 28,3%)։ Շինարարութեան աճն այս տարուան առաջին երկու ամիսներուն կազմած է 10,8% (փետրուարին` 11,7%):

2022-էն ռուսաստանցիներու հոսքին զուգահեռ պարբերաբար երկնիշ աճ արձանագրած ծառայութիւններու ոլորտի աճը դանդաղած է: Ընթացիկ տարուան յունուար-փետրուարին այս բնագաւառին մէջ աճը կազմած է 5,2%, իսկ միայն փետրուարին` 6%:

Չնայած արդիւնաբերութեան եւ տնտեսութեան միւս ճյուղերու տպաւորիչ աճին, հանրապետութեան մէջ ելեկտրական ուժանիւթի արտադրութիւնն այս տարուան առաջին երկու ամիսներուն նուազած է շուրջ 5%-ով: Միեւնոյն ժամանակ Վիճակագրական կոմիտէէն յայտնած են, որ ցուցանիշին մէջ ներառուած չէ ելեկտրական ուժանիւթի փոխհոսքերու մասով ինքնավար արտադրողներու կողմէ արտադրուած ելեկտրական ուժանիւթը:

2024-ի յունուար-փետրուարին կրկնակի աճած է արտաքին առեւտրաշրջանառութիւնը`կազմելով 5,3 միլիառ տոլար: Միայն փետրուարին նախորդ տարուան փետրուարի համեմատ նոյն ցուցանիշն աճած է 2,2 անգամ`հասնելով 3,1 միլիառ տոլարի:

2024-ի յունուար-փետրուարին կրկնակի աճած է արտաքին առեւտրաշրջանառութիւնը`կազմելով 5,3 միլիառ տոլար: Միայն փետրուարին նախորդ տարուան փետրուարի համեմատ նոյն ցուցանիշն աճած է 2,2 անգամ`հասնելով 3,1 միլիառ տոլարի:

Ընդ որում, ընթացիկ տարուան առաջին երկու ամիսներուն արտահանումն աճած է 2,6 անգամ կազմելով աւելի քան 2,5 միլիառ տոլար: Ներմուծման աճը եղած է շուրջ 73%` հասնելով 2,7 միլիառ տոլարի: Բացասական մնացորդը կազմած է ընդամէնը 200 միլիոն տոլար:

Այսպիսով այս տարուայ յունուար-փետրուարին ներմուծման եւ արտահանման ծաւալները գրեթէ հաւասարած են։ Սա եզակի դէպք է Հայաստանի տնտեսութեան համար: Հայաստանի մէջ ներմուծումը մշտապէս անգամներով գերազանցած է արտահանման ծաւալները: