image

Յունաստանի մէջ մեծ հրդեհներ եւ ...տարհանումներ

Յունաստանի մէջ մեծ հրդեհներ եւ ...տարհանումներ

Յունական Հռոտոս կղզիին մէջ վեցերորդ օրը անընդմէջ անտառային հրդեհներ կը մոլեգնին, տարհանուած է շուրջ 19.000 մարդ։ Հռոտոսի մէջ մարդոց տարհանումը ամենախոշոր նման գործողութիւնն էր Յունաստանի պատմութեան մէջ։ Այս մասին յայտնած են ANA-MPA-ն եւ ERT-ն։

Տեղի ոստիկանութեան տուեալներով՝ 16.000 մարդ տեղափոխուած է ցամաքով, իսկ 3000-ը՝ ծովով: Մարդոց տեղաւորւծ են հիւրանոցներու, մարզական համալիրներու եւ դպրոցներու մէջ, ինչպէս նաեւ մարդատար նաւերու մէջ:

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիսը այցելած է հրշէջներու համակարգման կեդրոն՝ տեղեկանալու կղզիին մէջ տիրող իրավիճակին։ Կղզիի իշխանութիւններու տուեալներով՝ 30.000 մարդ կրնայ տարհանման կարիք ունենալ։

Գերմանական TUI զբօսաշրջային ընկերութիւնը դադրեցուցած է դէպի կղզի բոլոր ուղեւորափոխադրումները։ Զբօսաշրչութիւն կազմակերպող ընկերութիւնները խնդրած են արտասահմանեան օդանաւային ընկերութիւններէն առանց ուղեւորներու թռիչքներ ուղարկել կղզի՝ մեկնիլ ցանկացող զբօսաշրջիկները վերցնելու համար: Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հռոտոսի օդակայանին մէջ կազմակերպած է կէտ՝ հրդեհի ժամանակ իրենց իրերը կորսնցուցած զբօսաշրջիկներուն՝ անձնագրերը կորսնցնելու վկայականներ տալու համար։