image

Յունահայոց Թեմի Առաջնորդը այցելած է Հայ Աւետարանական Եկեղեցի

  Յունահայոց Թեմի Առաջնորդը այցելած է Հայ Աւետարանական  Եկեղեցի

 Գերշ. Տ. Գեղամ արք.   կը շարունակէ իր հովուական  գործունէութիւնը Աթէնքի մէջ։

 Օրերս   սրբազան Հայրը  այցելած էր Աթէնքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցի  եւ ընդունուած  Յունաստանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ համայնքապետ` Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանի կողմէ։

 Ստորեւ այդ մասին լոյսին տրուած  կարճ լրատւութիւնը։

 

Երեքշաբթի¸ 9 Յունուար 2023–ին¸ Յունաստանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան¸ տօնական օրերուն առիթով¸ շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Յունաստանի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ համայնքապետ` Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանին¸ Քոքինիոյ համայնքապետարանէն ներս։  Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Թեմիս Կրօնական Ժողովի ատենապետ՝ Արժանապատիւ  Տ. Պարետ Քհնյ. Խաչերեան եւ Ժողովի անդամ՝ արժանապատիւ Տ. Նարեկ Քհնյ. Շահինեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ամանորեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները փոխանցեց  Վերապատուելիին։ Այցելութիւնը նաեւ առիթ ընծայեց անդրադառնալու առհասարակ Յունահայ գաղութին առնչուած հարցերուն եւ համատեղ յառաջ տարուելիք աշխատանքներուն։

Վերապատուելին ողջունելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր այցելութիւնը եւ տօնական օրերու առթիւ շնորհաւորական բարեմաղթութիւնները¸ ինք եւս հաստատեց եղբայրական հարազատ մթնոլորտի մէջ կայացած նման հանդիպումներուն դրական ներգործութիւնը մեր ազգային կեանքի բնագաւարներէն ներս։

Յայտնենք որ սոյն այցելութեան նախօրեակին Վերապատուելին պաշտօնական այցելութիւն տուած էր Առաջնորդ Սրբազանին Ազգային Առաջնորդարանէն ներս։