Այնուհետեւ, եթէ ռազմական գործողութիւնները շարունակուին, «(Արեւմուտքի համար) պիտի յառաջանայ Ռուսիոյ հետ պատերազմի մէջ ներքաշուելու վտանգը:
ԱՄՆ նախկին պետական քարտուղար (1973-1977) եւ ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով նախկին խորհրդական (1969-1975) Հենրի Քիսինճըր յայտարարած է, որ Ուքրանիոյ հակամարտութիւնը կրնայ աւարտիլ երեք ճանապարհով:
«Եթէ Ռուսիան կանգ առնէ այնտեղ, ուր հիմա է, ան պիտի նուաճէ Ուքրանիոյ 20%-ը եւ Տոնպասի մեծ մասը` գլխաւոր արդիւնաբերական եւ գիւղատնտեսական շրջանը, ինչպէս նաեւ մէկ կտոր հող Սեւ ծովի երկայնքով:
Եթէ ան կանգ առնէ (իր ներկայիս դիրքերուն վրայ), ապա այդ (Ռուսիոյ համար) յաղթանակ պիտի ըլլայ: Եւ ՆԱԹՕ-ի դերը (այս պարագային) այնքան նշանակալից պիտի չըլլայ, որքան նախապէս կ'ենթադրուէր», ըսած է ան բրիտանական The Spectator ամսագրին տուած հարցազրոյցին:
Երկրորդ տարբերակը, Քիսինճըրի կարծիքով, Ռուսիան «դուրս բերելու» փորձն է այն տարածքներէն, որոնք ան բռնակցած էր նախքան յատուկ գործողութեան մեկնարկը, այդ շարքին` Խրիմը:
«Այնուհետեւ, եթէ ռազմական գործողութիւնները շարունակուին, «(Արեւմուտքի համար) պիտի յառաջանայ Ռուսիոյ հետ պատերազմի մէջ ներքաշուելու վտանգը», ըսած է Քիսինճըր:
Երրորդ սենարը, ըստ դիւանագէտին, մինչեւ Փետրուար 24 (Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ յատուկ ռազմական գործողութեան մեկնարկի սկիզբը) իրավիճակին վերադառնալն է: Անոր կարծիքով` այս պարագային Ուքրանիան «պիտի վերազինուի եւ սերտօրէն կապուած պիտի ըլլայ ՆԱԹՕ-ի հետ» կամ նոյնիսկ պիտի դառնայ դաշինքի անդամ: Միաժամանակ ան նշած է, որ այս սենարը կ՛ենթադրէ հակամարտութեան որոշակի ժամկէտով սառեցում: