image

Ըստ Փեսքովի ներկայ փուլին բանակցութիւններ չկան

Ըստ Փեսքովի ներկայ փուլին բանակցութիւններ չկան

Ռուսիոյ եւ Քիեւի միջեւ բանակցութիւններու համար այժմ պայմանաւորուածութիւններ ու նախադրեալներ փաստացի չկան։ Ըսած է նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։ 

Հարցազրոյցի տեսանիւթը հրապարակուած է «Մոսկուա, Քրեմլ, Փութին» ծրագրի շրջածիրէն ներս «Ռոսիա 1»-ի լրագրող Պաւել Զարուպինի թելեկրամեան ալիքին։

«Աւելին, հիմա չկայ որեւէ հիմք, թէկուզ թոյլ, որ գոնէ ինչ-որ երկխօսութիւն կառուցուի»,-աւելցուցած է ան։

Փեսքով թուարկած է քանի մի գործօն, որոնց պատճառով Ուքրանիան կը հրաժարի բանակցութիւններէն։

«Ա․ վարչակարգի անպատրաստակամութիւն, Բ․ անպատրաստութիւն, Գ․ վարչակարգին անթոյլատրելիութիւն սեփականատէրերու կողմէ, այսպէս ըսած առանց դիւանագիտական երկիմաստութիւններու։ Հետեւաբար, այժմ բանակցութիւններու համար նախադրեալներ չկան»,- ընդգծած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը։