Վերջին շրջանին փոխհրաձգութեան աշխուժացումը եւ Երասխի իրադարձութիւնները մտահոգիչ են, յատկապէս, որ ատոնք զուգահեռ են՝ աշխուժ բանակցային գործընթացին։ Այս մասին Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Սարգիս Խանդանեանը։
Պատգամաւորի խօսքով՝ Ատրպէյճանը բանակցութիւններուն ընդառաջ կամ անկէ ետք կը փորձէ յարձակողական վարքագիծ ցուցաբերել։
«Երէկուայ միջադէպը յատկանշական է նրանով, որ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներն են թիրախաւորել, թիրախաւորել են գործարանը, որտեղ ամերիկեան ներդրումներ կան ու, որը չափազանց կարեւոր պրոյեկտ է ՀՀ-ի համար։ Մենք բարձրաձայնում ենք այս միջադէպերի մասին, ես գիտեմ, որ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութիւնը եւս պարբերաբար հաղորդում է սրա մասին, ենթադրում եմ, որ երէկուայ վերաբերեալ եւս եղել է դիտարկում»,-ըսած է ան։
Խանդանեանն ընդգծած է, որ այս յարձակումը զսպելու լաւագոյն միջոցը խաղաղութիւնն է։
«ՀՀ-ն արել է առաւելագոյնը ցոյց տալու իր յանձնառութիւնը եւ նուիրուածութիւնը այս գործընթացին, սա ակնյայտ է նաեւ մեր միջազգային գործընկերների համար»,- ընդգծած է Խանդանեանը։