Հարաւային Կովկասի մէջ պատերազմն աւարտած է, եւ եկած է խաղաղութեան, համագործակցութեան եւ տարածաշրջանի մէջ առաջընթացի ժամանակը։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի ԱԳՆ ղեկավար Հոսէյն Ամիր Ապդոլլահեանը, կը հաղորդէ Fars-ը։
«Թեհրանի մէջ «3+3» ձեւաչափով ԱԳ նախարարներու հանդիպումը կրնայ անկիւնաքար դառնալ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման ճանապարհին։ Մենք յոյս ունինք, որ այդ հանդիպումներուն ականատես կ՚ըլլանք բարեկամ Վրաստանի կառուցողական եւ արդիւնաւէտ ներկայութեան»,-ըսած է Իրանի ԱԳՆ ղեկավարը՝ նշելով ներտարածաշրջանային խաղացողներու եւ հարեւաններու դերը՝ Հարաւային Կովկասի մէջ առճակատման վերջ տալու համար։