ԽՍՀՄ-ի առաջին նախագահ՝ Միխայիլ Գորբաչով կարծիք յայտնած է, որ խորհրդային իշխանութիւնները թերագնահատած են Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ ազգամիջեան յարաբերութիւններու խնդիրներու մաշտապն ու խորութիւնը եւ անոնց թարմացման անհրաժեշտութիւնը:
ԹԱՍՍ գործակալութիւնը հաղորդած է, որ ըստ քաղաքական գործիչին՝ երկիրը կարելի էր պահպանել նոյնիսկ 1991-ի օգոստոսեան յեղափոխական փորձէն յետոյ: Այդ կարելի էր ընել Ինքնիշխան պետութիւններու միութիւն կազմաւորելու միջոցով, մասնաւորած է Գորբաչով:
«Մենք սկիզբը թերագնահատեցինք ազգամիջեան յարաբերութիւններու, կեդրոնի եւ հանրապետութիւններու յարաբերութիւններու խնդիրներու մաշտապն ու խորութիւնը: Անմիջապէս չեկանք եզրայանգման, որ Միութիւնը թարմացման կարիք ունի», ըսած է Գորբաչով գործակալութեան տուած հարցազրոյցին:
Գորբաչովի խօսքով՝ Խորհրդային Միութեան իշխանութիւններու նպատակը «իրական դաշնութեան ստեղծումն էր հանրապետութիւններու իրական ինքնիշխանութեան պահպանմամբ, որոնք լիազօրութիւններու մեծ մասը կը փոխանցէին կեդրոնին»:
«Անվտանգութիւն, պաշտպանութիւն, փոխադրային ցանց, միասնական արժոյթ, մարդու իրաւունքներու պահպանման ապահովում՝ ըստ դաշնակցային պայմանագրի նախագիծին, եղած են դաշնակցային կառոյցներու ներդրման ոլորտին մէջ: Վստահ եմ, որ այդ կենսունակ տարբերակ էր, հանրապետութիւններու մեծամասնութիւնը կ'աջակցէր անոր, սակայն յեղաշրջման փորձը խափանեց այս հնարաւորութիւնը», ընդգծած է Գորբաչով: