Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այն վստահութիւնը տուած է Զանգեզուրի միջանցքի վերաբերեալ, որ միտում չունի այդ միջանցքը ստեղծէ, կամ արգելքներ ստեղծէ ՀՀ-ի համար այդ առումով: Այս մասին 24 յուլիսին, Թեհրանի մէջ յայտարարած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանը ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ մամուլի համար արուած յայտարարութեան ժամանակ:
«Մենք ալ Հայաստանի մեր գործընկերներներու հետ պարզեցինք, որ մենք երբեք չեն ուզեր փակել Ատրպէյճան- Նախիջեւան հաղորդակցական միջոցը»,-ըսած է ան:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան մասին խօսած են, եւ յայտնած, որ բարեբախտաբար վերջին մէկ տարուան ընթացքին բաւականին քայլեր կատարուած են, սակայն աւելին ընելու ներուժ կայ:
«Մենք լուրջ տրամադրուած ենք մէկ միլիառ տոլարանոց առեւտրափոխանակման հարցին եւ յաջորդ փուլին միտում ունինք հասնիլ 3 միլիառի առեւտրափոխանակման»,-ըսած է ան: