Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ամանորեայ ուղերձին մէջ յայտարարած է, որ 2024-ին ատրպէյճանցիները պիտի բնակեցուին բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի եւ Իւանեանի մէջ:
Անոր խօսքով՝ եկող տարուան ընթացքին քանի մը գիւղ ամբողջութեամբ պիտի վերականգնուին եւ պիտի փոխանցուին ատրպէյճանցիներուն, յայտնած են տեղի լրատուամիջոցները:
Ըստ Ալիեւի՝ 2024-ին ե՛ւ պետական, ե՛ւ մասնաւոր հատուածները պիտի ներդնեն առնուազն մէկ միլիառ մանաթ ռազմական արտադրանքի արտադրութեան մէջ: