image

Ընդդիմութիւնը պոյքոթի ենթարկեց ԱԺ-ի պատերազմի քննիչ յանձնախումբի նիստը

Ընդդիմութիւնը պոյքոթի ենթարկեց ԱԺ-ի պատերազմի քննիչ յանձնախումբի նիստը

Փետրուար 14-ին Երեւանի մէջ կայացաւ 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող ԱԺ քննիչ յանձնաժողովի առաջին նիստը: 

«Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան պատգամաւոր Տիգրան Աբրահամեանը յայտարարեց, որ ընդդիմութիւնը պիտի չմասնակցի յանձնաժողովի աշխատանքին: Անոր խօսքով` ներկայիս իշխանութիւնը փաստացի խոստովանած է, որ կը կրէ ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի հետեւանքներուն համար ամբողջ պատասխանատուութիւնը: «Եւ այս պայմաններում յանձնաժողովի աշխատանքների իրականացումը, այն էլ գործող իշխանութեան ներկայացուցիչների գլխաւորութեամբ, չի կարող առարկայական լինել: 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքների բացայայտումը մնում է մեր առաջնահերթութիւններից մէկը, բայց կարծում ենք, որ աշխատանքը պէտք է սկսել միայն այն ժամանակ, երբ կառավարութիւնը հրաժարական տայ», պարզաբանեց Աբրահամեանը:  

Իր հերթին, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Նազարեանը յայտնեց, որ իրենք նոյնպէս պիտի չմասնակցին յանձնաժողովի աշխատանքին: Նոյն խմբակցութեան մէկ այլ պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանը նշեց, որ առարկայական հետաքննութիւն հնարաւոր է միայն այն պարագային, երբ այն վստահուած է ընդդիմութեան, այլ ոչ թէ իշխող քաղաքական ուժին, որ մեղաւոր է այս պատերազմը սանձազերծելու մէջ:

Այս խօսքերէն յետոյ ընդդիմութիւնը լքեց սենեակը, ուր կ'ընթանար քննարկումը: