Ամերիկեան ֆիլմի ակադեմիան յայտարարած է «Օսքար» մրցանակաբաշխութեան յաւակնորդներուն անունները: Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Մարտի27-ին:
«Լաւագոյն ֆիլմ» գլխաւոր մրցանակին համար կը պայքարեն «Պելֆասթ», «Քոտա», «Մի նայիք վերեւ», «Նստիր իր մեքենայի ղեկին», «Տիւնա», «Ռիչարտ արքայ», «Մատուտակով փիցցա», «Սարսափների ծառուղի», «Շան իշխանութիւն» եւ «Ուեսթսայտեան պատմութիւն» ժապաւէնները:
«Լաւագոյն դերասան» անուանակարգին մէջ յաղթանակի կը յաւակնին Ուիլ Սմիթը, Էնտրիւ Կարֆիլտը, Տենզել Ուաշինկթընը, Պենետիքթ Քեմպերպեթչը եւ Խաւիեր Պարտեմը:
«Լաւագոյն դերասանուհի» անուանակարգին մէջ առաջադրուած են Ճեսիքա Չիսթէյնը, Օլիվիա Քոլմանը, Փենելոփէ Քրուզը, Նիքոլ Քիտմանը եւ Քրիսթէն Սթիուըրտը:
«Լաւագոյն բեմադրութիւն» անուանակարգին մէջ յաղթանակի համար կը պայքարին Քէննեթ Պրանան («Պելֆասթ»), Ռիւսուքէ Համակուտին («Նստիր իմ մեքենայի ղեկին»), Փօլ Թոմաս Անտերսընը («Մատուտակով Փիցցա»), Սթիվըն Սփիլպըրկը («Ուեսթսայտեան պատմութիւն») եւ Ճէյն Քեմփիոնը («Շան իշխանութիւն»):
Յաւակնորդներու ամբողջական ցանկը կը գտնուի մրցանակաբաշխութեան կայքին մէջ: