image

Յայտնի է Երեւանի մէջ կայացուելիք ՀԱՊԿ ԱԳ նախարարներու գագաթի օրակարգը

Յայտնի է Երեւանի մէջ կայացուելիք ՀԱՊԿ ԱԳ նախարարներու գագաթի օրակարգը

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հերթական նիստին պիտի քննարկուի միջազգային ու տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցն ու անոր ազդեցութիւնը ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու անվտանգութեան վրայ:

ՀԱՊԿ արտաքին գործոց նախարարներու նիստին, որ Յունիս 10-ին տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ՝ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի նախագահութեամբ, պիտի մասնակցի նաեւ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլավ Զասը:

Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի անդամներուն պիտի ներկայացուի տեղեկատուութիւն ժամանակակից աշխարհաքաղաքական իրողութիւններուն մէջ կազմակերպութեան ճգնաժամային արձագանգման կատարելագործման ուղղութեամբ ՀԱՊԿ քարտուղարութեան եւ միացեալ շտաբի կողմէ տեղի ունեցող աշխատանքներուն վերաբերեալ: