image

Յայտնի է ձմեռնային զօրակոչի ժամանակը

Յայտնի է ձմեռնային զօրակոչի ժամանակը

Յայտնի է ձմեռային զօրակոչի ժամկէտները։ Նախագիծը ներառուած է Կառավարութեան այսօրուայ նիստի օրակարգի չզեկուցուող հարցերուն մէջ։

Հայաստանի Հանրապետու­թեան կառավարութիւնը կ'որոշէ 2022 թուականի հոկտեմբեր 24-էն մինչեւ 2023 թուականի յունուար 31-ը ներառեալ յայտարարած Հայաստանի Հանրապետութեան արական սեռի այն քաղաքացիներու շարքային կազմի պարտադիր զինուորական եւ այլընտրանքային ծառայութիւններու ձմեռային զօրակոչը (այսուհետ՝ 2022 թուականի ձմեռային զօրակոչ), որոնց 18 տարին կը լրանայ մինչեւ 2022 թուականի դեկտեմբերի 31-ը ներառեալ, ինչպէս նաեւ այն քաղաքացիներու, որոնց շարքային կազմի պարտադիր զինուորական ծառայութեան զօրակոչէն նախապէս տրուած տարկէտումը կը դադրի մինչեւ 2022 թուականի դեկտեմբեր 31-ը ներառեալ:

2022 թուականի ձմեռային զօրակոչի ծիրէն ներս մինչեւ 2023 թուականի մարտ 31-ը ներառեալ զօրացրել օրէնքով սահմանուած ժամկէտի մէջ շարքային կազմի պարտադիր զինուորական կամ այլընտրանքային զինուորական ծառայութիւն անցած զինծառայողները:

Այլընտրանքային աշխատանքային ծառայութենէն արձակել սահմանուած ժամկէտի մէջ այլընտրանքային աշխատանքային ծառայութիւն անցած ծառայողները:

2022 թուականի ձմեռային զօրակոչի ծիրէն ներս զինուած ուժերու համա­լրումը շարքային կազմի պարտադիր զինուորական ծառայութեան կամ այլընտրան­քային զինուորական ծառայութեան ենթակայ քաղաքացիներով իրականացնել 2023 թուա­կանի յունուար 9-էն մինչեւ յունուար 31-ը ներառեալ, իսկ օրէնքով սահման­ուած ժամկէտին մէջ շարքային կազմի պարտադիր զինուորական ծառայութիւն կամ այլընտրանքային զինուորական ծառայութիւն անցած զինծառայողներու զօրացրումն իրականացնել 2023 թուականի փետրվար 8-էն մինչեւ մարտ 31-ը ներառեալ: