Ոստիկանութեան կեդրոնական բաժնի քրէական հետախուզութեան բաժանմունքի ծառայողները յայտնաբերած են Յունիս 8-ին Երեւանի մէջ Հնդկաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի, 39-ամեայ Սահիլ Նանաւաթինէն զէնքի սպառնալիքով յափշտակած 90 հազար տոլարին մէկ մասը:
Յիշեցնենք, որ Յունիս 8-ին` ժամը 22:15-ի սահմաններուն, Ս. Նանաւաթին, որ կը բնակի Երեւան քաղաքի Արգիշտի փողոցի շէնքերէն մէկուն մէջ, ահազանգած էր ոստիկանութիւն եւ յայտնած, որ քաղաքացի մը զէնքի սպառնալիքով իրմէ յափշտակած է 90 հազար տոլար եւ 35 հազար դրամ:
Ոստիկանութիւնն ու քննչական բաժինը ձեռնարկած են անհրաժեշտ հետախուզական եւ քննչական համատեղ գործողութիւններ` յանցագործութիւն կատարած անձերուն ինքնութիւնը պարզելու, անոնց եւ յափշտակուած գումարին մէկ մասը յայտնաբերելու ուղղութեամբ:
Ըստ տեղեկութիւններուն` ձերբակալուածը Երեւանի բնակիչ, 22-ամեայ Գէորգ Ա.-ն է: