ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ վերաբաշխում կատարուած է ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան 2022 թուականի պիւտճէյով նախատեսուած ծրագրերուն մէջ:
Տնտեսուած միջոցներէն 163 միլն 639 հազար ՀՀ դրամ գումար նախատեսուած է շարք մը կրթական հաստատութիւններու ջեռուցման ապահովման, նախագծման աշխատանքներու, ինչպէս նաեւ գոյքային յագեցուածութեան բարելաւման համար:
Համաձայն որոշման՝ գումար պիտի յատկացուի հետեւեալ աշխատանքներու համար.
· «Ալաւերդիի թիւ 5 աւագ դպրոց» ՊՈԱԿ-ի կաթսայատան կառուցման եւ ներքին ջեռուցման ցանցի անցկացման նախագծանախահաշուային փաստաթուղթերու մշակում փորձաքննութիւն,
· «Երեւանի թիւ 4 արհեստագործական պետական ուսումնարան» ՊՈԱԿ-ի կաթսայատան կառուցման եւ ջեռուցման ցանցի անցկացում,
· «Երեւանի թիւ 105 աւագ դպրոց» ՊՈԱԿ-ի պարիսպի կառուցման, մուտքի դռներու, արտաքին կոյուղիի եւ ջեռուցման ցանցերու մասնակի աշխատանքներու իրականացման ձեռքբերում,
· «Գառնիի Ատոմի անուան թիւ 2 աւագ դպրոց» ՊՈԱԿ-ի ջեռուցման նոր կաթսայի տեղադրման աշխատանքներ: Հաշուի առնուած է, որ դպրոցին մէջ ներկայ պահուն կը գործէ մէկ կաթսայ, որ տեղադրուած է 2008 թ., եւ կաթսայի խափանման ընթացքին դպրոցի ջեռուցման հետ կապուած խնդիրներ կ'առաջանան:
· «Երեւանի Հ. Գալստեանի անուան թիւ 83 աւագ դպրոց», «Երեւանի Ռոպերթ Ապաճեանի անուան թիւ 147 հիմնական դպրոց» եւ «Երեւանի Հ. Խաչատրեանի անուան թիւ 199 հիմնական դպրոց» ՊՈԱԿ-ներու ջեռուցման կաթսաներու փոխարինում: