Հարաւէն արեւադարձային տաք օդի ալիքի ներթափանցմամբ պայմանաւորուած՝ յուլիս 22-24-ին Արարատեան դաշտի, Սիւնիքի հովիտային գօտիի եւ Երեւանի մէջ կը սպասուի բարձր ջերմային ֆոն․ ցերեկը ժամը 16։00-17-00- ն ինկած ժամանակահատուածին՝ +38․․․+40 աստիճան տաքութիւն։ Նշուած հատուածներուն մէջ ինչպէս նաեւ Արագածոտնի, Կոտայքի եւ Վայոց ձորի նախալեռներուն մէջ առաջիկայ 5 օրերուն կը սպասուի նաեւ բարձր կարգի հրդեհավտանգ իրավիճակ։ Այս մասին յայտնած են «Հիդրոօդերեւութաբանութեան եւ մոնիթորինգի կեդրոն» ՊՈԱԿ-էն:
Երեւանի մէջ յուլիս 22-24-ին, 27-ի ցերեկը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Յուլիս 25-ին երեկոյեան ժամերուն, 26-ի գիշերը եւ երեկոյեան, 27-ի գիշերը քաղաքի առանձին հատուածներու մէջ հնարաւոր է կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ։ Ամպրոպի ժամանակ եւ երեկոյեան կը սպասուի քամիի ուժգնացում 16-19մ/վ արագութեամբ։
Մարզերու մէջ յուլիս 22-ին եւ 25-ին կէսօրէն ետք, 26-27-ին գիշերը եւ կէսօրէն ետք առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, հնարաւոր է նաեւ կարկուտ։ Յուլիս 23-24-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։
Քամին՝ հարաւարեւմտեան 2- 5մ/վ, ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 17-20մ/վ արագութեամբ։ Յուլիս 22-26-ին երեկոյեան ժամերուն Արմաւիրի, Կոտայքի եւ Արագածոտնի նախալեռներուն մէջ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 15-18 մ/վ արագութեամբ։
Օդի ջերմաստիճանն էապէս պիտի չփոխուի։