Իրանի խորհրդարանի Արտապիլէն պատգամաւոր եւ Իրան-Ատրպէյճան միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի ղեկավար Սուտեյֆ Պատրին յայտարարած է, որ Զանգեզուրի միջանցքի նախագիծի իրականացումն անհնար է՝ առանց Իրանի ռազմավարական շահերու եւ դերի հաշուառման։ Այս մասին գրած է Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի Telegram ալիքը։
«Վերջերս միջանցքի վերաբերեալ կը հնչեն ոչ մասնագիտական եւ անիրատեսական յայտարարութիւններ, սակայն նման նախագիծերը չեն կրնար անցնիլ իրականացման փուլ՝ առանց շահագրգիռ կողմերու, յատկապէս Իրանի հետ համաձայնեցման։
Սպառնալիքներու եւ ճնշման լեզուն չի կրնար ապահովել տարածաշրջանի կայուն զարգացումը։ Հարաւային Կովկասի բոլոր երկիրները պէտք է ձգտին համատեղ շահերու՝ Իրանի մասնակցութեամբ։
Տարածաշրջանի բոլոր երկիրներու շահերու անվտանգութիւնը երաշխաւորելու ունակ միակ երկիրը Իրանն է։
Մենք մտադիր չենք կողմնակի հարցեր առաջ քաշել, սակայն կը շեշտենք՝ տարածաշրջանին մէջ ոչ մէկ տարանցիկ երթուղի, ներառեալ Զանգեզուրի միջանցքը, չի կրնար րականացուիլ եւ կայուն ըլլալ՝ առանց Իրանի զգայուն ու կարեւոր շահերը հաշուի առնելու»։