image
Հրատապ լուրեր:

«Մոսկուայի մէջ վերջապէս հասկցան, որ Ատրպէյճանն այն չէ, ինչ որ կը փորձէ ներկայանալ». Կոստանտին Զատուլին

«Մոսկուայի մէջ վերջապէս հասկցան, որ Ատրպէյճանն այն չէ,  ինչ որ կը փորձէ ներկայանալ». Կոստանտին Զատուլին

Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան սրացման հիմնական արդիւնքն այն է, որ Մոսկուայի մէջ վերջապէս գիտակցած են՝ Պաքուն այն չէ, ինչ կը փորձէ ներկայանալ. այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Տումայի Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) հարցերով յանձնախումբի ղեկավարի առաջին տեղակալ Կոնստանտին Զատուլինը «Լենթա.ռու»-ի հետ զրոյցին։

«Այս մագլցումի հետեւանքները կրնան տարբեր ըլլալ։ Բայց գլխաւոր արդիւնքը, որ շատոնց պէտք է արձանագրուէր, այն է, որ Ռուսիոյ մէջ վերջապէս հասկցան՝ Ատրպէյճանը այն չէ, ինչ կը փորձէր ցուցադրել։ Երկար ժամանակ մեզ կը խաբէին ռազմավարական գործընկերութեան ու դաշնակցութեան խօսքերով։ Մենք ատոր բարեհաճ կը վերաբերէինք»,- նշած է պատգամաւորը։

Զատուլինի խօսքով՝ այսօր Ատրպէյճանն այլեւս չունի անհրաժեշտութիւն ինքզինք ներկայացնելու որպէս Ռուսիոյ մտերիմ դաշնակից։ «Անոնք կը կարծեն, որ Ռուսիան չափազանց ներգրաւուած է Ուքրանիոյ իրադարձութիւններուն մէջ եւ Արեւմուտքի հետ հակամարտութեան մէջ, որ լուրջ արձագանգէ Ատրպէյճանի այն քայլերուն, որոնք կը հակասեն մեր ազգային շահերուն», -ըսած է ան։

Զատուլինը նաեւ ընդգծած է, որ Պաքուն կը ձգտի, ճնշում գործադրելով Երեւանի վրայ, հասնիլ իր նպատակներուն՝ խախտելով նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։

Օրինակ, ըստ անոր, «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման պարագային այն պէտք է գտնուէր ռուսական խաղաղապահներու վերահսկողութեան տակ, սակայն այսօր այդ պայմանաւորուածութիւնը դիտաւորեալ կ՚անտեսուի։

«Անոնք կը ձգտին սրել իրավիճակը, որ Ռուսիայէն թոյլտւութիւն չհարցնեն՝ ինչպէս կ՚ընէ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանը, որ չի թաքցներ իր մտադրութիւնը՝ ռազմավարական այդ ճանապարհը տալու ամերիկացիներու վերահսկողութեան», -աւեցուցած է Զատուլինը։

Բացի այդ, պատգամաւորը յայտարարած է, որ Ատրպէյճան իր գործողութիւնները կ՚իրականացնէ Թուրքիոյ աջակցութեամբ։

«Կարելի է միայն քննարկել, թէ որքանով ատոնք զուտ ատրպէյճանական ծրագրեր են, եւ որքանով՝ արդէն թրքական։ Թուրքիան, ի վերջոյ, ՆԱԹՕ-ի անդամ է եւ դուրս գալու ցանկութիւն չունի։ Եթէ մենք այսքան ուշադիր ենք, որ ՆԱԹՕ-ն չյայտնուի Ուքրանիոյ մէջ, ապա ինչու մինչ օրս աչք փակած ենք այն փաստի վրա, որ Թուրքիան կ՚ամրապնդուի նախկին խորհրդային Կովկասի մէջ», - եզրափակած է Զատուլինը։