image

Յառաջիկայ ընտրութիւններու բոլոր փուլերուն պէտք է բացառուին ցնցումները. Շահան Գանտահարեան

Յառաջիկայ ընտրութիւններու բոլոր փուլերուն պէտք է բացառուին ցնցումները. Շահան Գանտահարեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ գործիչ, «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Շահան Գանտահարեան

 

-Սփիւռքէն դիտուած, ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի ներ-քաղաքական ընդհանուր վիճակը։

Արտահերթ ընտրութիւնները սկզբունքով կոչուած էին ներհասարակական լարուած մթնոլորտը լիցքաթափելու։ Կը թուի, որ քարոզարշաւի նախօրեակին եւ մեկնարկին դրսեւորուած հռետորաբանութիւնը, հայհոյանքը, մեղադրանքները, քաղաքացիական հաշուեյարդարի կոչերը, սպառնալիքները կը ծառայեն ճիշդ հակառակ նպատակին։

Արտահերթ ընտրութիւնները նման մթնոլորտի մէջ ոչ միայն լարվածութեան մթնոլորտը լիցքաթափելու եւ ներքին համերաշխութիւն ստեղծելու նպատակներուն չեն ծառայեր, այլ ընդհակառակը։

Գործող իշխանոթիւնը առաջին հերթին բաժանարար սահմաններու գծման փոխարէն հռետորաբանական հրադադար պիտի յայտարարէր եւ քաղաքակիրթ բանավէճի անցումի ենթահող պատրաստէր։

 

Արտահերթ ընտրութիւնները ի զօրո՞ւ են Հայաստանի մէջ առկայ ճգնաժամը հանգուցալուծելու։

Յետպատերազմեան առաջին ընտրութիւններուն առթիւ ծաւալուող բանավէճերը պէտք է կեդրոնանան ստեղծուած իրավիճկի տուն տուող պատճառներուն, հանգմանքներուն քննարկման, անվտանգութեան խնդիրներուն, հայրենիքի ստացած ճակատակագրական հարուածին, հողակորուստին, սահմանային միջադէպերուն, պարտութեան բոլո՛ր պատճառներուն վրայ․ եւ ապա որոնեն ելքեր աշխարհաքաղաքական գործընթացներու լոյսին տակ վերականգնողական աշխատանքի եւ պետականութեան վերակայացման առումով։

Քաղաքակիրթ բանավէճի մշակոյթը, արդար եւ ազատ ընտրութիւններ կազմակերպելը, ժողովրդավար հասարակարգի կայացման կարեւորագոյն բաղադրիչներ են։ Անոնց ապահովումը պետութեան եւ հասարակութեան համակողմանի գիտակցութենէն եւ պատրաստուածութենէն կախեալ է։ Այդ բոլորի իրականացման պատախանատուութիւնը գործող իշխանութիւններունն է։

Ընտրական փուլերը՝ քարոզարշաւ, քուէարկութիւն եւ յետ ընտրական հանգրուան, պէտք է բոլորը բացառեն ցնցումները։ Քաղաքակիթ եւ ժողովրդավար հիմունքով նոր էջ բանալու մօտեցումը կը կարծեմ որ համակողմանի է։