Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին յայտարարած է, որ Վրաստանի իշխանութիւնները պատրաստ են 10 միլիառ տոլար տրամադրել Ապխազիայի եւ Ցխինվալիի տարածաշրջանին մէջ ներդրումներ կատարելու համար, եթէ երկիրը վերամիաւորուի։ Այս մասին գրած է newsgeorgia.ge կայքը:
«Ես կ'ուզեմ մեր ապխազ եւ օս եղբայրներուն ու քույրերուն պատմել բաց ձգուած հնարաւորութիւններու մասին: Մեր քաղաքականութիւնը խաղաղ է, մենք կ'ուզենք բուժել վէրքերը։ Եւ ես կ'ըսեմ, որ եթէ մեր երկիրը միաւորուի, մենք կրնանք մօտ 10 միլիառ ներդնել Ապխազիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Սամաչապլոյի մէջ (Ցխինվալի շրջան) առաջին երեք տարուան մէջ։ Ապխազիան կրնայ դառնալ երկրորդ Մոնաքօ, եւ այդ չափազանցութիւն չէ, իսկ Սուխումը՝ երկրորդ Մոնթէ Քարլօ»,-ըսած է վարչապետը։
«Մեր նպատակն է բարելաւել հակամարտութենէն տուժած բնակչութեան ընկերա-տնտեսական պայմանները եւ հաշտեցնել արհեստականօրէն բաժնուած հասարակութիւնները՝ զարգացնելով համագործակցութիւնը եւ ընդհանուր շահերու վրայ հիմնուած վստահութիւն ստեղծելու միջոցով», -ըսած է Ղարիպաշվիլին:
Որպէս օրինակ ան բերած է այն փաստը, որ անցեալ տարի նշեալ տարածքներէն 230 ուսանող ընդունուած է վրացական համալսարաններ, իսկ աւելի քան 1300 մարդ ստացած է բժշկական օգնութիւն։
«Այս օգուտները կը շարունակուին ապագային… Մեր քաղաքականութիւնը չի վերանայուիր, մենք պարզապէս կ'ուզենք խաղաղ ճանապարհով լուծել հակամարտութիւնը, յաղթահարել այդ սարսափելի ողբերգութիւնը, որ մենք բոլորս միասին ապրինք միասնական, ուժեղ, եւրոպական Վրաստանի մէջ», -ըսած է Ղարիպաշվիլին։