Վրաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութիւնը յայտնած է, որ Թիֆլիսը ժողովրդավարական յետընթացի պատճառով պիտի կորսնցնէ 121 միլիոն եուրօ (130 միլիոն տոլար) ֆինանսաւորում դաշինքէն:
Պատուիրակութիւնը X-ի գրառման մէջ ըսած է, որ 2022 եւ 2023 թուականներուն Վրաստանին յատկացուած, սակայն ամբողջութեամբ չծախսուած Եւրոպական Միութեան միջոցները «պիտի կորչին»։
«Վրաստանը 121 միլիոն եուրօ պիտի կորսնցնէ Եւրոպական Միութեան օգնութենէն՝ ժողովրդավարութեան յետընթացի հետեւանքով: Տարեկան յատկացումներն ամբողջութեամբ չեն ծախսուած նոյն տարուան մէջ, հետեւաբար 2022 եւ 2023 թուականներու մնացած միջոցները, որոնք ուղղակիօրէն օգուտ կը բերեն իշխանութիւններուն, պիտի կորչին», -ըսուած է Վրաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան յայտարարութեան մէջ։
Թիֆլիսի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Փաւէլ Հերչինսքին անցեալ շաբաթ նախազգուշացուցած էր, որ Վրաստանի յարաբերութիւնները Պրիւքսէլի հետ պիտի տուժեն, եւ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ նոյնիսկ պատժամիջոցներ կիրառել, եթէ երկիրը շեղի ժողովրդավարութեան ուղիէն: