image

Ուժայինները մուտք գործած են Արցախի ներկայացուցչութիւն. Առգրաւուած է Սամուէլ Շահրամանեանին ծառայողական ինքնաշարժը

Ուժայինները մուտք գործած  են Արցախի ներկայացուցչութիւն. Առգրաւուած է  Սամուէլ Շահրամանեանին ծառայողական ինքնաշարժը

Ուժայինները Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի մեքենան առգրաւելու նպատակով ներխուժած են Հայաստանի մէջ Արցախի ներկայացուցչութիւն։

Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի փաստաբան Ռոման Երիցեանը յայտնած է, որ այս ամէնը տեղի ունեցած է Շահրամանյանի հարցազրոյցէն ետք, որու ժամանակ ան պնդած էր, որ արցախցիներու նկատմամբ ճնշումներ կան։

«Նախագահի այն ճեպազրոյցից յետոյ եկել են մեքենան ջարդել ու վերցրել, գնացել։ Այս ամէնը արել են առանց փաստաբանի ներկայութեան։ Մենք նախագահի հետ հարցաքննութեան էինք, երբ հաղորդեցին, որ ներկայացուցչութեան դռները կոտրատում են, որ մեքենան տանեն։

Դա ոստիկանութեան յատուկ ջոկատայիններն էին։ Քննիչները, անվտանգութեան աշխատակիցները, յատուկ ջոկատայինները, քրէական հետախուզութեան աշխատակիցները ճանապարհները փակել են, որ ոչ մէկ չխոչընդոտի այս ամէնը»,- նշած է Երիցեանը։