image
Հրատապ լուրեր:

Ուրախութիւն՝ Զատիկեաններու յարկին տակ

 Ուրախութիւն՝ Զատիկեաններու յարկին տակ

Պէյրութէն ուրախ լուր ստացանք։

 

 Զատիկեաններու  որդին ՝ Նարեկը  իր զոյգին ՝Դանիա Սարգիսեանի հետ  արժանացած է  Սուրբ   Պսակի խորհուրդին։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ Պսակի արարողութիւնը կատարուած է  Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Տաճարին մէջ ի ներկայութիւն մեծ թիւով հարազաներու եւ բարեկամներու։

 

 

 Նարեկ Զատիկեան որդին է Պէյրութահայ   բժիշկ Տօքթ. Յարութիւն Զատիկեանին, որ   յարգուած  անձնաւորութիւն է Լիբանանի  առողջապահական, ինչպէս նաեւ  հայկական շրջանակներուն մէջ։

 

  Հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող ծանր պայմաններուն Նարեկ եւ Դանիա  ուխտած են միասին շարունակել  իրենց կեանքի ճանապարհը հիմնելով հայեցի   օճախ շարունակելու համար իրենց  ծնողներուն յանձնառութիւնն ու երթը։

 

 Շնորհաւորութիւններ։