Ուքրանական ռազմական օդանաւը առաջին անգամ խոցած է Ռուսիոյ տարածքին մէջ գտնուող թիրախը։ Այս մասին յայտնած է բրիտանական Sky News հեռուստաալիքը՝ յղում ընելով ուքրանական ռազմական աղբիւրին։
Հեռուստաալիքի զրուցակցի խօսքերով՝ հարուած հասցուած է Պելկորոտի շրջանին մէջ գտնուող «ռուսական հրամանատարական կեդրոնին»։ Թէ ինչ տեսակի զինամթերք օգտագործուած է այս յարձակման ժամանակ, եւ արդեօք արեւմտեան զէ՞նք կիրառուած է, հրապարակման մէջ չէ նշուած:
«Ուքրանիոյ ռազմաօդային ուժերը հարուածած են Պելկորոտի մէջ գտնուող ռուսական հրամանատարական կեդրոնը: Վնասը դեռ կը գնահատուի, սակայն ուղիղ հարուածը հաստատուած է։ Սա Ուքրանիոյ զինուած ուժերու ռազմաօդային ուժերու կողմէ Ռուսիոյ տարածքին մէջ գտնուող թիրախի ուղղութեամբ արձակուած առաջին զինամթերքն է», - մէջբերած է բրիտանական հեռուստաալիքը իր անանուն աղբիւրին։
Նախապէս Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան Քիեւին թոյլատրած էին օգտագործել այդ երկիրներու կողմէ Ուքրանիոյ տրամադրուած զէնքերը՝ հարուածելու Ռուսիոյ տարածքին մէջ գտնուող ռազմական կառոյցները, մասնաւորապէս՝ «չէզոքացնելու» ռուսական ռազմակայանները, ուրկէ յարձակումներ կ՚իրականացուին Ուքրանիոյ վրայ։ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն հաւանութիւն տուած է Խարքով քաղաքի պաշտպանութեան համար Միացեալ Նահանգներու տրամադրած զէնքի կիրառման, նշած է Sky News-ը։