image

Ուքրանիոյ խաղաղութեան ծրագրի համար Թրամփի սահմանած վերջնաժամկէտը փոփոխական է. Ռուպիո

Ուքրանիոյ խաղաղութեան ծրագրի համար Թրամփի սահմանած վերջնաժամկէտը փոփոխական է. Ռուպիո

Նախագահ Թրամփի սահմանած նոյեմբեր 27-ի վերջնաժամկէտը, որ Ուքրանիան ընդունի Միացեալ Նահանգներու խաղաղութեան առաջարկը, փոփոխական է, յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն՝ CNN-ի հաղորդմամբ:

«Մեր ուզած վերջնաժամկէտը հնարաւորինս շուտ աւարտելն է։ Ակնյայտ է, որ մենք կ՚ուզէինք, որ այդ ըլլայ հինգշաբթի օրը: Մենք իսկապէս առաջ պիտի շարժինք, ուստի ես շատ լաւատես եմ, որ ատոր պիտի հասնինք շատ խելամիտ ժամանակահատածի, շատ շուտով», -ըսած է Ռուպիոն Ժընեւի մէջ։

Ռուպիոն նշած է, որ Միացեալ Նահանգները կ՚ընդունի, որ Ուքրանիան պէտք է ունենայ անվտանգութեան երաշխիքներ՝ որպէս խաղաղութեան առաջարկի մաս, սակայն ան չէ ներկայացուցած քննարկման մանրամասնութիւնները։

«Անկախ անկէ՝ հինգշաբթին է, ուրբաթն է, չորեքշաբթին է, թէ յաջորդ շաբթուան երկուշաբթին է, մենք կ՚ուզենք, որ այդ շուտով ըլլայ, որովհետեւ մարդիկ կը մահանան», - նշած է Ռուպիոն։