image
Հրատապ լուրեր:

Ուքրանիոյ հարցով Էրտողան «խորհուրդներ» տուած է

Ուքրանիոյ հարցով Էրտողան «խորհուրդներ» տուած է

Թուրքիոյ փափաքն է, որ Ռուսաստանն ու Ուքրանիան հնարաւորինս շուտ կարգաւորեն իրենց միջեւ առկայ տարաձայնութիւնները խաղաղ ճանապարհով: ԹԱՍՍ գործակալութեան հաղորդմամբ՝ այս մասին կիրակի յայտարարած է Թուրքիոյ առաջնորդ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը:

«Երէկ հանդիպած եմ Ուքրանիոյ նախագահին հետ: Մեր փափաքն է, որ անոնք հնարաւորինս շուտ կարգաւորեն իրենց տարաձայնութիւնները խաղաղ ճանապարհով, եւ մենք ջանքեր կը գործադրենք այդ ուղղութեամբ»,-ըսած է Էրտողանը՝ չյստակեցնելով, թէ ինչ ջանքերու մասին է խօսքը:

Միեւնոյն ժամանակ նախօրէին Վլատիմիր Զելնսքիի հետ բանակցութիւններու աւարտին Էրտողանը յայտարարած էր, որ Թուրքիան պատրաստ է «անհրաժեշտ աջակցութիւն» տրամադրել Ուքրանիոյ արեւելքին մէջ տիրող հակամարտութեան կարգաւորման համար՝ հիմք ընդունելով մինսքեան պայմանաւորուածութիւնները:

Տոնպասի մէջ փետրուարի վերջէն իրավիճակը սրած է: Պարբերաբար մարտեր տեղի կ'ունենան շփման գիծի երկայնքով: Ուքրանիան եւ Լուկանսքի ու Տոնեցքի ինքնահռչակ հանրապետութիւնները լարուածութեան սրման մէջ զիրար կը մեղադրեն: