image

Ուքրանիոյ հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ Փութինի առաջարկը անլուրջ. Շոլց

Ուքրանիոյ հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ Փութինի առաջարկը  անլուրջ. Շոլց

Ուքրանիոյ հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի առաջարկը լուրջ չէ՝ յայտարարած է Գերմանիոյ վարչապետ՝ Օլաֆ Շոլց։

Միեւնոյն ժամանակ, ան նշած է, որ Ուքրանիոյ վերաբերեալ հետագայ համաժողովներուն պէտք է ներկայացուած ըլլայ նաեւ Ռուսիան, եւ Զուիցերիոյ համաժողովը պէտք է հիմք ստեղծէ ապագայ շփումներու համար։

Շոլց նաեւ յայտարարած է, որ չի բացառեր Փութինի հետ շփման վերսկսումը: Ան նշած է, որ Ռուսիոյ նախագահին հետ խօսած է ուքրանական հակամարտութեան սկսելէն առաջ եւ յետոյ:

«Ես միշտ ըսած եմ, որ նորէն այդ կ'ընեմ, սակայն անոր համար յարմար պահ պէտք է, պէտք է քննարկման առարկայ ըլլայ, որպէսզի այդ իմաստ ունենայ»,- ըսած է Շոլց։