image

Ուքրանիան Մեքսիքոյէն խնդրած է ձերբակալել Փութինը

Ուքրանիան Մեքսիքոյէն խնդրած է ձերբակալել Փութինը

Ուքրանիան Մեքսիքոյէն խնդրած է ձերբակալել Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինը, եթէ ան որոշէ մեկնիլ Մեքսիքօ՝ նախագահ Քլաուտիա Շեյնպաումի երդմնակալութեան։

Այս մասին օգոստոս 8-ին յայտնած է Մեքսիքոյի մէջ Ուքրանիոյ դեսպանատունը, գրած է korrespondent.net-ը:

Ուքրանացի դիւանագէտները յոյս յայտնած են, որ Մեքսիքոյի կառավարութիւնը գիտէ, որ «Վլատիմիր Փութինը ռազմական յանցագործ է», որու նկատմամբ ուքրանացի երեխաները առևանգելու եւ բռնի կերպով Ռուսիա տեղափոխելու կասկածանքով կալանաւորման հրաման արձակուած է Միջազգային քրէական դատարանի կողմէ, որու իրաւասութիւնը կ՚ընդունի Մեքսիքօն։

«Մենք կը հաւատանք, որ Մեքսիքոյի կառավարութիւնը ամէն պարագայի կը հետեւի ձերբակալութեան միջազգային հրամանին»,-ըսուած է նամակին մէջ։

Յիշեցնենք, որ օգոստոս 7-ին Մեքսիքօն Փութինը հրաւիրած է երկրի նորընտիր նախագահի երդմնակալութեան արարողութեան։