Ուքրանիան ամէն օր 60-100 զինուոր կը կորսնցնէ, ըսած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զէլէնսքին:
«Իրավիճակը [Ուքրանիոյ] արեւելքին շատ բարդ է: Ամէն օր մարտերուն մէջ մենք կը կորսնցնենք 60-100 զինուոր, եւ մօտ 500 վիրաւոր կ'ունենանք», ըսած է Զէլէնսքին:
Ան նաեւ յայտնած է, որ Ռուսիան «կ'արգելափակէ հացահատիկի մատակարարումները Սեւ ծովին մէջ»: «Ներկայիս Ռուսիան կ'արգելափակէ 22,5 միլիոն թոն հացահատիկ», ըսած է Զէլէնսքին: «Այդ տարածքը դէպի ծով բանալու համար մեզի մինչեւ 120-140 քիլոմեթր հեռահարութեամբ խոցման զէնք անհրաժեշտ է»: