image
Հրատապ լուրեր:

Ուքրանիա ԱԹՍ-ներով մեծ գրոհ գործած է

Ուքրանիա ԱԹՍ-ներով մեծ գրոհ գործած է

Խրիմի թերակղզին 15 դեկտեմբերի ուշ երեկոյեան ենթարկուած է ուքրանական անօդաչու թռչող սարքերու (ԱԹՍ) զանգուածային յարձակման։ Այս մասին յայտնած են Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութենէն։

«Հակաօդային պաշտպանութեան եւ ռատիօելեկտրոնային պայքարի միջոցներով արտացոլուած է Քիեւի կողմէ Խրիմի թերակղզիի տարածքը գտնուող կառոյցներուն անօդաչու թռչող սարքերով զանգուածային հարուած հասցնելու փորձը։ Բոլոր անօդաչու թռչող սարքերը ոչնչացուած են»,-յայտնած են պաշտպանական գերատեսչութենէն։

Նշուած է, որ ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան միջոցները երկու ժամուան մէջ 26 ուքրանական անօդաչու թռչող սարք խոցած են Խրիմի տարածքին մէջ, աւելի ուշ ռուսական հակաօդային պաշտպանութիւնը եւս 6 ԱԹՍ խոցած է ։