«Միացեալ Նահանգները իր գոհունակութիւնը յայտնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարբեր վայրերու մէջ ընթացող բանակցութիւններու, այդ շարքին՝ վերջերս Քիշնեւի մէջ կայացած [երկու երկիրներու] առաջնորդներու հանդիպման առնչութեամբ»,- «Ամերիկայի Ձայն»ի հայկական ծառայութեան հաղորդած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը, որ չէ ուզած հրապարակել իր անունը։
Պաշտօնեան աւելցուցած է․ «Կ'ակնկալենք այս ամսուան վերջը Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալել բանակցութիւններու եւս մէկ փուլ, քանի որ կողմերը կը շարունակեն հետամուտ ըլլալ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղ ապագային: Խնդիրներու կարգաւորման, տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու բանալին ուղիղ երկխօսութիւնն է»:
Նշենք, որ գրեթէ նոյն բանը 6 յունիսին ասուլիսին ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակի գլխաւոր տեղակալ Վետանթ Փաթելը։
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը յարաբերութիւններու հաստատման ու խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւնները պիտի շարունակեն արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով՝ 12 յունիսին Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ: