image

Որեւէ այլ երկիր պիտի չկարենայ Ռուսիոյ նման կառավարել Հայաստանի երկաթուղային ցանցը

Որեւէ այլ երկիր պիտի չկարենայ Ռուսիոյ նման կառավարել Հայաստանի երկաթուղային ցանցը

Հայաստանի իշխանութիւններու ցանկութիւնը՝ փոխարինելու Ռուսիան Հանրապետութեան երկաթուղիներու կառավարման գործին մէջ, չմշակուած լուծում է. այդ քայլին դիմելու պարագային կառուցուած համակարգը կրնայ փլուզուիլ մէկ գիշերուան ընթացքին՝ յայտարարած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուն։

 

«Գնահատական չեմ տար երկաթուղային տնտեսութեան կառավարման հարցով այլ երկիրներու կարողութիւններուն, սակայն վստահաբար կրնամ ըսել, որ դժուար թէ որեւէ այլ ընկերութիւն կարենայ ամբողջովին փոխարինել ռուսական երկաթուղային փոխադրողը, որ արդիւնաւէտ եւ երկար ժամանակ գործած է Հայաստանի մէջ՝ ոչ ամենադիւրին պայմաններու մէջ։ Գրեթէ երկու տասնամեակ կառուցուած համակարգը կրնայ պարզապէս փլիլ մէկ գիշերուան ընթացքին։ Ասոր համար «բարեկամական» ոչ մէկ երկիր, բնականաբար, պատասխանատուութիւն պիտի ստանձնէ։ Յոյս ունիմ, որ պատասխանատու որոշումներ կայացնելէ առաջ Հայաստանի ղեկավարութիւնը պիտի առաջնորդուի բացառապէս իր քաղաքացիներու շահերով», ըսած է Սերկէյ Շոյկու։

Անոր խօսքով՝ այդ ընթացքին ռուսական ներդրումները հայկական երկաթուղիներու համակարգին մէջ, ներառեալ՝ շարժակազմին մէջ, կը գնահատուին աւելի քան 30 միլիառ ռուբլի»,- նշած է Շոյկուն:

Ան ընդգծած է, որ երկաթուղին նաեւ ռազմավարական նշանակութիւն ունի Հայաստանի համար՝ ապահովելով փոխադրային կապ դէպի ծով ելք չունեցող երկրի համար։

Յիշեցնենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած էր, որ անհրաժեշտ է, որ Մոսկուայի եւ Երեւանի հետ բարեկամական յարաբերութիւններ ունեցող որեւէ երկիր Ռուսիայէն գնէ  Հայաստանի երկաթուղային ցանցի կառավարման շահագործման իրաւունքը։