Դեկտեմբեր 26-ին իրանեան կողմի նախաձեռնութեամբ հեռախօսազրոյց տեղի ունեցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի միջեւ։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը:
Տարբեր մակարդակներու վրայ շփումները զարգացնելու նպատակով քննարկուած են երկկողմ, տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի արդի հարցեր, որոնք փոխադարձ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն։
Ինչպէս հաղորդած է Mehr գործակալութիւնը, անդրադառնալով Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ առկայ զարգացումներուն՝ իրանցի բարձրաստիճան դիւանագէտը ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան համաձայնագրի ձեռքբերման բանակցութիւններու գործընթացը եւ ընդգծած Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան աջակցութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման գործին մէջ։