Երեւանի մէջ պիտի տեղադրուի Ողիմպիական խաղերու եռակի ախոյեան Ալպերթ Ազարեանի յուշարձանը։ Համապատասխան որոշումը 26 Հոկտեմբերին ընդունուած է Երեւանի աւագանիի խորհուրդի նիստին։
Յուշարձանը պիտի տեղադրուի Ալպերթ Ազարեանի անուան մարմնամարզութեան ողիմպիական հերթափոխի մանկապատանեկան մարզադպրոցի տարածքին մէջ։