image
Հրատապ լուրեր:

Ողիմպիական մեծ ախոյեան Ալպերթ Ազարեանի անունով յուշարձան Երեւանի մէջ

Ողիմպիական մեծ ախոյեան Ալպերթ Ազարեանի անունով յուշարձան Երեւանի մէջ

Երեւանի մէջ պիտի տեղադրուի Ողիմպիական խաղերու եռակի ախոյեան Ալպերթ Ազարեանի յուշարձանը։ Համապատասխան որոշումը 26 Հոկտեմբերին ընդունուած է Երեւանի աւագանիի խորհուրդի նիստին։

Յուշարձանը պիտի տեղադրուի Ալպերթ Ազարեանի անուան մարմնամարզութեան ողիմպիական հերթափոխի մանկապատանեկան մարզադպրոցի տարածքին մէջ։