image

Ոչ թէ Փաշինեանին, այլ` աշխարհի 120 ղեկավարի. Պարզաբանում Սուրէն Սարգսեանէն

Ոչ թէ Փաշինեանին, այլ` աշխարհի 120 ղեկավարի. Պարզաբանում Սուրէն Սարգսեանէն

Հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն քաջատեղեակ քաղաքագէտ Սուրէն Սարգսեանը ֆէյսպուքեան իր էջով անդրադարձած է «Պայտընը Փաշինեանին հրաւիրած է Ուաշինկթըն» տարածուած վերնագրին ու յայտարարութիւններուն:

«Երէկ ոգեւորուած վերախմբագրմամբ տեղեկութիւններ էին տարածւում (ԱԽՔ-ի նախաձեռնութեամբ) առ այն, որ Փաշինեանը Պայտընից ստացել է համաժողովին մասնակցելու հրաւէր եւ հաստատել է իր մասնակցութիւնը։

Նոյնիսկ եղան լրատուական հոսքեր, որ ասում էին, թէ Փաշինեանին յառաջիկայ օրերին հրաւիրել են ԱՄՆ:

Մի քանի բան պարզաբանեմ:

Նախ, Պայտընը Փաշինեանին չի հրաւիրել, շուրջ 120 երկրների ղեկավարների է հրաւիրել:

Յետոյ, Ուաշինկթըն չի հրաւիրել, օնլայն ժողովրդավարութեան գագաթնաժողով է հրաւիրել:

Յետոյ, Փաշինեանի ու Պայտընի հանդիպում նախատեսուած չէ:

Յետոյ, հրաւէր չէ ստացած երէկուայ բախումներու ժամանակ, ստացած է օրեր առաջ:

Յետոյ, միջոցառմանը հրաւիրուած չեն ոչ միայն Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը (ինչպէս ներկայացւում էր՝ որպէս մեր լրջագոյն ձեռքբերում), այլ նաեւ Չինաստանը, Ռուսաստանն ու Իրանը:

Վերջապէս, օնլայն միջոցառումը յառաջիկայ օրերին չի լինելու, Դեկտեմբերի 8-ից 10-ն է լինելու»։

Յիշեցնենք, որ «Հանրային» ՀԸ «Լուրեր»-ու ընթացքին ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը յայտարարած էր. «Նիկոլ Փաշինեանը ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընէն ստացել է «Յանուն ժողովրդավարութեան» համաժողովին մասնակցելու հրաւէր։ Փաշինեանը հաստատած է իր մասնակցութիւնը»։

Հարցին՝ սա որեւէ կերպ կրնա՞յ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարթակ հանդիսանալ, ԱԽ քարտուղարը պատասխանած էր. «Մենք ժողովրդավարութեան համաժողովը ընկալում ենք որպէս Հայաստանի  ժողովրդավարութեան ուժեղացման հնարաւորութիւն եւ այդ նպատակին համար ենք ծառայեցնելու այդ համաժողովը»: