Լիբանան- Լիբանանահայ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեան երէկ ուշ գիշերին կնքած է իր մահկանացուն: Հալէպ ծնած Կիրակոսեան երկար տարիներ վարած է «Բագին» ամսագրի փոխ խմբագրի պաշտօն: Հրապարակած է բանաստեղծական 3 հատորներ: Ան կարեւոր աշխատանք տարած է հայ գրականութիւնը արաբական շրջանակներու մօտ ծանօթացնելու գործին մէջ: Այս առումով տեղին է յիշատակել անոր թարգամանութեամբ լոյս տեսած Սուրիացի անուանի բանաստեղծ ՝ Ատոնիսի հատընտիրին հայերէն թարգմանութեան լոյս ընծայումը: Վարած է կուսակցական եւ ազգային տարբեր պաշտօններ իսկ վերջին տարիներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Պիքֆայայի դպրեվանքին մէջ ուսուցչական պաշտօն վարելու կողքին կը վարէր Անթիլիասի կողմէ ստեղծուած կրթական եւ հայագիտական կեդրոնի վարիչ պատասխանատուի պաշտօն: Հանգուցեալ բանաստեղծ Պէպէօ Սիմոնեանի եւ արձակագիր Արամ Սեփեթճեանի հետ միասնաբար ստեղծած են Լիբանանահայ գրողներու համախմբումը, որ կը գործէ ցայսօր: 28 Մայիս 2015 –ին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով: Կիրակոսեան սփիւռքի միջին սերունդի երէց գրողներէն մէկն է, որուն բերած աւանդը հայ գիրի ու դպրութեան գործին մէջ դեռ երկար ժամանակ պիտի արժանանայ խոր գնահատանքի:Տակաւին կ'անդրադառնանք: