Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է ՌԱԿ երախտաւորներէն՝ Ճօրճ Մանտոսեան։
Այս մասին իմացանք Mirror Spectator պարբերականէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ ՝ Մահացած է Գէորգ Մանտոսեանը (Ան ծնած էր ՝ 1934-ին Երուսաղէմ)։
Ըստ աղբիւրին Մանտոսեան վաղ հասակէն անդամակցած էր ՌԱԿ-ին շարքերը, գործելով որպէս Երուսաղէմի Հայ Երիտասարդաց Միութեան (ՀԵՄ) անդամ։
Աւելի ուշ ան անցած է Յորդանան, մաս կազմելով Ազգային Մարզական Միութեան (ԱՄՄ), ապա Պէյրութ եւ Միացեալ Նահանգներ, ուր տասնամեակներ շարունակ եղած է ՌԱԿի Լոս Անճելոսի շրջանակի ղեկավար դէմքերէն:
Ան անդամակցած է ՀԲԸ Միութեան, եղած է Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դպրապետ: Ան նաեւ նշանակալի մասնակցութիւն բերած է Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած Մոնթէպելլոյի Նահատակաց յուշարձանի կառուցման աշխատանքներուն, բացի այդ, հանդիսացած է Արշակ Տիգրանեան վարժարանի թէ՛ գոյառման, եւ թէ ալ վարժարանը կեանքի կոչուելէն ետք անոր վարչական աշխատանքներուն գլխաւոր դերակատարներէն մէկը, որպէս վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ:
Առ ի գնահատանք անոր նուիրական մօտեցումներուն Ամենայն Հայոց Հայրապետութիւնը Մանտոսեանը պատուած է շնորհելով անոր առաքելական Ս. «Ս. Սահակ – Ս. Մեսրոպ» պատուոյ բարձր շքանշան:
Յարգանք անոր յիշատակին։