Լիբանանը եւ անոր «մարգրիտ» համարուող մայրաքաղաք՝ Պէյրութը շատ բան կը շարունակէ կորսնցնել, մինչ շատ-շատեր կը շարունակեն աւելիով ամրացնել իրենց դիրքերը եւ դառնալ հզօր տնտեսութեան խաչմերուկ կամ տարանցիկ երկիրներ։
Եւ հիմա էական հարցումը կը մնայ, որ արդեօ՞ք Ճիւնին պիտի դարձեալ ապրի անցեալի սցենարները, երբ ինչ-ինչ պայմաններու մէջէն անցնող քաղաքացիները հազիւ-հազ կը փրկուէին անոր «կրակի տակ եղող» շրջաններէն ու իրենց «փրկութեան» շունչը քաշել Կիպրոսի կապոյտ ափերուն։
Յատկապէս 1980-ականներուն էր, երբ Լիբանանի ծովեզերեայ Ճիւնի շրջանի «աստղը կը փայլէր»։ Համեմատաբար «հանգիստ» օրեր ապրող քրիստոնէաբնակ այդ նաւահանգիստը յանկարծ կը դառնար շրջանային մակարդակի կարեւոր «հանգոյց»։ Այդ օրերուն փակուած էր Պէյրութի միջազգային օդակայանը, Իսրայէլ ներխուժած էր երկիր եւ հասած էր մինչեւ Պէյրութի խորքերը։ Երկիրը կիսուած էր երկուքի եւ հազարաւոր լիբանանցիներ ու օտարազգիներ, ունէին միայն մէկ ծովային ճանապարհ մը հասնելու համար դէպի ... արտերկիր։
Անշուշտ Լիբանանի համար կարեւոր ճանապարհ կը շարունակէր հանդիսանալ Լիբանան-Սուրիա ցամաքային ճանապարհ(ները) (որպէս սահմանային անցքեր), սակայն հանրութեան կարեւոր մասին համար էական էր հասնիլ Եւրոպայի դռները, ու անկէ ալ շարունակել իրենց երթը դէպի հեռաւոր ափեր։
Եւրոպա, երբ կ՚ըսեմ, երբ այդ օրերու Եւրոպային մասին ակնարկ կ՚ընեմ, այն պէտք է հասկնալ Կիպրոսը, որ «շնորհիւ» Լիբանանի մէջ ստեղուած պատերազմական իրավիճակներուն զարգացաւ ու դարձաւ Եւրոպական մեծ ընտանիքի հիմնարար պայմանները լրացնող երկիր։ Վերջին ամիսներուն, անշուշտ վառ կերպով երեւան ելած են լուրեր, որոնք կը խօսին Պէյրութի օդակայանի վտանգուած ըլլալուն մասին։
Վտանգ, որ Իսրայէլի կողմէ արձակուող առաջին հրթիռի մեկնարկէն սկսեալ եւ մինչեւ հրադադարի հաստատումը պիտի շարունակէ իր սարսափի ուրուականը տարածել Պէյրութի հարաւային արուարձանին ու յատկապէս օդակայանի երկնակամարին վերեւ։
Ու այս փաստով է նաեւ, որ կ՚ամրագրուի միջազգային օդանաւային ընկերութիւններու ահազանգները, դէպի Պէյրութ թռիչքները դադրեցնելու ուղղութեամբ ու ասոր կողքին ալ ազդեցիկ տէրութիւններու կոչը՝ իրենց քաղաքացիներուն, որպէսզի արագօրէն լքեն Պէյրութը եւ հեռանան։
Եւ անշուշտ բնաւ զարմանալի չէ, որ նոյն միջազգային հանրութեան հիմնական եւ ազդեցիկ բարձրախօսները, օրերս դիմած են Կիպրոսի պատկան մարմիններուն, ըսելով, թէ պատրաստ են որեւէ պարագայի օգնութեան հասնիլ այն կիպրացիներուն, որոնք տակաւին Լիբանան կը գտնուին եւ կը փափաքին հեռանալ ... Պէյրութէն։
Լիբանանը եւ անոր «մարգրիտ» համարուող մայրաքաղաքը շատ բան կը շարունակէ կորսնցնել, մինչ շատ-շատեր կը շարունակեն աւելիով ամրացնել իրենց դիրքերը եւ դառնալ հզօր տնտեսութեան խաչմերուկ կամ տարանցիկ երկիրներ։
Եւ հիմա էական հարցումը կը մնայ, որ արդեօ՞ք Ճիւնին պիտի դարձեալ ապրի անցեալի սցենարները, երբ ինչ-ինչ պայմաններու մէջէն անցնող քաղաքացիները հազիւ-հազ կը փրկուէին անոր «կրակի տակ եղող» շրջաններէն ու իրենց «փրկութեան» շունչը քաշել Կիպրոսի կապոյտ ափերուն։
Հարցումը իրատեսական է եւ ստեղծուած պահը աւելի քան մտահոգիչ։