image
Հրատապ լուրեր:

Տեսակէտ. Արդեօք հաշուեառ կա՞յ…

Տեսակէտ. Արդեօք հաշուեառ կա՞յ…

Կեղծիքով չենք կրնար ապագան կերտել…

Նորահաս սերունդները այսօր մեզի պէս չեն մտածեր…

Կը փորձեմ վերջին «փամփուշտ մը կրակել», գէթ գալիք սերունդներու հաշուոյն, զիրար ընդունելու եւ փոխադարձ հասկացողութեամբ ապրելու անհրաժեշտութիւնը` ապագան փրկելու համար:

Արդ, կ՛եզրակացնեմ հետեւեալ հարցումով, ո՞վ է հաշուետուն եւ ո՞վ է հաշուեառը …

Գուցէ նոյն անձերն են…

 

Սփիւռքահայութիւնը քաջատեղեակ է, որ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2024 տարին հռչակած է մարդուժի պատրաստութեան տարի:

Երբ վեհափառ հայրապետը պատգամ թէ կոչ ուղղէ իր ժողովուրդին, մեր դաստիարակութեամբ, անիկա կը դառնայ հրահանգ` մեր բոլոր կառոյցներու պատասխանատուներուն համար եւ իրագործելի յանձնառութիւն:

Շաբաթ, 22 յունիս 2024-ին Վրէժ-Արմէնի ստորագրութեամբ «Ազդակ» օրաթերթը լոյս ընծայած էր գրութիւն մը` «Ուրկէ՞ սկսիլ» խորագիրով, «Մարդուժ պատրաստել… Կենսական նպատակ եւ անյետաձգելի յանձնառութիւն» խորհրդակցութիւն-մտորումներու վերաբերող: Յօդուածը իր  բովանդակութեամբ, կարեւորագոյն եւ հիմնական բնագաւառներու հաշուոյն, կ՛ընդգծէր ու կ՛առաջարկէր գործադրութեան միջոցառումներ:

Յօդուածին առաջին բաժնին մէջ ուշադրութիւնս գրաւեցին հետեւեալ հարցադրումները.

Ա) Ո՞վ պիտի ըլլայ պատրաստողը:

Բ) Ինչո՞ւ չենք պատրաստած ցարդ:

Գ) Այժմ ունի՞նք միջոցները պատրաստելու համար:

Դ) Որքա՞ն ժամանակ կայ մեր առջեւ այս յանձնառութեան համար:

Հաւատալով խօսքի եւ գրիչի ազատութեան սկզբունքին` պիտի փորձեմ վերոյիշեալ հարցումներուն պատասխաններուն հասնիլ անձնական տեսութիւններով`քաջ գիտնալով, որ շրջապատուած ենք քննադատներով, որոնք ըսուած կամ գրուած բառին ծայրէն բռնելով, գործուած մեղքը թէ սխալը չընդունելու համար, եթէ բառը ճիշդ է, կը ջանան այլաբանութիւններով շեղեցնել շրջապատի մարդիկը:

Մենք ի՞նչ կ՛ընենք մարդուժ պատրաստելու համար: Դժբախտաբար մենք` մարդուժ պատրաստող անձերուն ներկայութենէն խանգարուած եւ շատ յաճախ անձնական հաշիւներով, միջոցը կը գտնենք զանոնք խրտչեցնելու եւ հեռացնելու. հետեւաբար ենթական կը նախընտրէ ոտքերը կտրել եւ տունը նստիլ:

Ո՞վ է յանցաւորը, տունը նստո՞ղը, թէ ՞զինք դիտումնաւոր ու մտադրուած հեռացնողները: Արդ, կ՛ենթադրեմ, որ վերոյիշեալ հարցումին պատասխանը յստակ է …:

Անոնք նոյնիսկ կը յանդգնին ըսելու, որ եթէ ես կամ, այսինչը կամ այնինչը չ՛ըլլար. կարծէք թէ մեր կեանքը իրենց սեփականութիւնն է: Երբեմն ալ մարդը այրելու համար անոր քնացած տեղը կեղծ ուրուագիծ (Profile) մըն ալ կը շինեն ու շուկայ կը նետեն:

Հաւանաբար ուրախ են անոնք, որոնք յաջողած են մարդոց ճակատագիրը տնօրինելու` զանոնք դաշտէն դուրս բերելով, եւ որպէս մենաշնորհեալներ կը հաւատան, որ աշխարհը միայն իրենց է:

Տունը նստողը կարճ ժամանակ մը ետք կ՛ընտելանայ իր նոր կացութեան, ինքզինք երջանիկ կը համարէ, որ հեռու է ամէն ինչէ, եւ իր միակ ամբողջական մտահոգութեան առանցքը կը դառնայ իր անմիջական ընտանիքը, որուն հաշուոյն նախապէս թերացած էր` իր շատ մը պարտականութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն մէջ:

Սխալած չեմ ըլլար, եթէ ըսեմ, որ մարդն ալ կայ ու բաւարար ուժն ալ կայ, բայց չէզոքացուած են:

Քաջ գիտեմ, որ հաճելի մարդ ըլլալու համար պէտք է խօսիլ վարդագոյն երեւոյթներու մասին, որովհետեւ սխալներու մատնանշումները մարդոց ականջներն ու մանաւանդ «ես»-ը կը վիրաւորեն: Առածը կ՛ըսէ` «Ճշմարտութիւնը կը վիրաւորէ», բայց ո՞րն է կարեւոր, մարդը չվիրաւորե՞լ, թէ՞ հաւաքական վիրաւոր կեանքը փրկելն ու դարմանելն է էականը:

Կեղծիքով չենք կրնար ապագան կերտել…

Նորահաս սերունդները այսօր մեզի պէս չեն մտածեր…

Կը փորձեմ վերջին «փամփուշտ մը կրակել», գէթ գալիք սերունդներու հաշուոյն, զիրար ընդունելու եւ փոխադարձ հասկացողութեամբ ապրելու անհրաժեշտութիւնը` ապագան փրկելու համար:

Արդ, կ՛եզրակացնեմ հետեւեալ հարցումով, ո՞վ է հաշուետուն եւ ո՞վ է հաշուեառը …

Գուցէ նոյն անձերն են…

 

Կարպիս Գապասագալեան
«Ազդակ»